Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը բարձրացուց

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճո Պայտընը նամակ յղած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբին (ANCA), նշելով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ հաստատէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը: «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ արտայայտէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք ու լռենք այն սարսափելի իրողութեան մասին, որ յանգեցուց 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներու մահուան եւ 2 միլիոն հայերու զանգուածային տեղահանման` իրենց տուներէն: Եթէ մենք չճանչնանք այն ամբողջովին, չյիշենք եւ մեր երեխաներուն չփոխանցենք, «այլեւս երբեք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Ցեղասպանութեան փաստը
20 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը բարձրացուց

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճո Պայտընը նամակ յղած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբին (ANCA), նշելով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ հաստատէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական կայքը:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է մէկընդմիշտ արտայայտէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք ու լռենք այն սարսափելի իրողութեան մասին, որ յանգեցուց 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներու մահուան եւ 2 միլիոն հայերու զանգուածային տեղահանման` իրենց տուներէն: Եթէ մենք չճանչնանք այն ամբողջովին, չյիշենք եւ մեր երեխաներուն չփոխանցենք, «այլեւս երբեք» բառերը կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը: Ցեղասպանութեան փաստը յիշել չկարողանալն ու չընդունիլը միայն նոր ուղիներ կը բանայ ապագային զանգուածային չարագործութիւններու համար»,- գրած է Պայտընը:

ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ եւ սենաթոր Ճո Պայտընը մշտապէս իր դիրքորոշումը արտայայտած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստի վերաբերեալ:

Մնացականեան  եւ Մամէտեարով  պիտի հանդիպին
Նախորդ նիւթը

Մնացականեան եւ Մամէտեարով պիտի հանդիպին

Վարչապետը ԱԱԾ-ին կառոյցի նոր պետի պաշտօնակատարը ներկայացուց
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետը ԱԱԾ-ին կառոյցի նոր պետի պաշտօնակատարը ներկայացուց

ԱնցնիլՎեր