Տեղի ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը

Տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը, այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը Վահան Յունանեանը: Արարատ Միրզոյեանը թուիթըրեան գրառումով ըսած է. «Շատ արդիւնաւէտ հանդիպում: Ուրախ եմ վերադառնալ Ուաշինկթըն եւ վերահաստատել ԱՄՆ-ի հետ մեր ամուր գործընկերութիւնը: Վերջին 3 տասնամեակի ընթացքում Հայաստանը եւ ԱՄՆ-ը զարգացրել են արդիւնաւէտ համագործակցութիւն` խարսխուած ժողովրդավարութեան, Մարդու իրաւունքների յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր արժէքների վրայ»: Երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր: Նշենք, որ  Արարատ Միրզոյեանը Ուաշինկթոնի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի, «USAID»-ի տնօրէն Սամանթա Փաուըրի, Միացեալ
3 Մայիսի 2022
3 ր. ընթերցում
Տեղի ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը

Տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը, այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը Վահան Յունանեանը:

Արարատ Միրզոյեանը թուիթըրեան գրառումով ըսած է. «Շատ արդիւնաւէտ հանդիպում: Ուրախ եմ վերադառնալ Ուաշինկթըն եւ վերահաստատել ԱՄՆ-ի հետ մեր ամուր գործընկերութիւնը: Վերջին 3 տասնամեակի ընթացքում Հայաստանը եւ ԱՄՆ-ը զարգացրել են արդիւնաւէտ համագործակցութիւն` խարսխուած ժողովրդավարութեան, Մարդու իրաւունքների յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր արժէքների վրայ»:

Երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր:

Նշենք, որ  Արարատ Միրզոյեանը Ուաշինկթոնի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի, «USAID»-ի տնօրէն Սամանթա Փաուըրի, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ օգնական Ամանտա Սլոթի եւ այլ գործընկերներու հետ։

Հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ։

Այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարը ելոյթ պիտի ունենայ Ատլանտեան խորհուրդի ուղեղային կեդրոնէն ներս։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման հարց չկայ օրակարգի վրայ. ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման հարց չկայ օրակարգի վրայ. ՀՀ ԱԳՆ

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին
Յաջորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

ԱնցնիլՎեր