Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 2 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:              Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր պատկերացումը Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու մասին: Վարչութիւնը բարձրօրէն գնահատեց վեհափառին կեցուածքը երեսփոխանական ընտրութիւններու վերաբերեալ, կոչ ուղղելով ընտրողներուն ընտրել արժանի թեկնածուներ, որոնք իրենց գործով օժանդակած են համայնքի վերելքին: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը:             Վեհափառը իր կարգին դրուատեց Ռ.Ա.Կ.-ի կեցուածքը, օժանդակելու հայ աւանադական կուսակցութիւնները ներկայացնող թեկնածուներուն: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր
3 Մայիսի 2022
4 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 2 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: 

            Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր պատկերացումը Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու մասին: Վարչութիւնը բարձրօրէն գնահատեց վեհափառին կեցուածքը երեսփոխանական ընտրութիւններու վերաբերեալ, կոչ ուղղելով ընտրողներուն ընտրել արժանի թեկնածուներ, որոնք իրենց գործով օժանդակած են համայնքի վերելքին: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը:

            Վեհափառը իր կարգին դրուատեց Ռ.Ա.Կ.-ի կեցուածքը, օժանդակելու հայ աւանադական կուսակցութիւնները ներկայացնող թեկնածուներուն: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը ազգի բոլոր կառոյցներուն, հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ ճակատագրական որոշումներ կայացնելէ առաջ:

            Մէկ ժամ տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Պէյրութ, 2 Մայիս 2022

           

Տեղի ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը
Նախորդ նիւթը

Տեղի ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը

Միջազգային հանրութեան պատշաճ արձագանգի պարագային կրնան կանխուիլ հետագայ ցեղասպանութիւնները. Լիլիթ Մակունց
Յաջորդ նիւթը

Միջազգային հանրութեան պատշաճ արձագանգի պարագային կրնան կանխուիլ հետագայ ցեղասպանութիւնները. Լիլիթ Մակունց

ԱնցնիլՎեր