Ցաւակցագիր Ռոմէն Կոզմոյեանի. Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի փոխնախագահ Ռոմէն Կոզմոյեանի: Ռոմէն Կոզմոյեան բարձր մակարդակի պետական գործիչ էր: Ան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ՝ Պէյրութի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան պաշտօնեայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական եւ ԱԱԾ նախկին սպայ՝ գնդապետ: Ան իր գիտելիքները, դիրքն ու կապերը օգտագործեց ծառայելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուր որ ալ գտնուեցաւ եւ ինչ պաշտօն որ ստանձնեց: Ան օգնեց ուսանողին ուսանելու համար հայրենիքի մէջ, օգնեց ներդրում կատարողին, որ օժանդակէ Հայաստա-Սփիւռք կապի զարգացումին եւ Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին, օգնեց մշակութային կամ մարզական միութիւններուն խումբ հրաւիրելու համար Հայաստանէն
13 Ապրիլի 2022
5 ր. ընթերցում
Ցաւակցագիր Ռոմէն Կոզմոյեանի. Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի փոխնախագահ Ռոմէն Կոզմոյեանի:

Ռոմէն Կոզմոյեան բարձր մակարդակի պետական գործիչ էր: Ան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ՝ Պէյրութի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան պաշտօնեայ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական եւ ԱԱԾ նախկին սպայ՝ գնդապետ: Ան իր գիտելիքները, դիրքն ու կապերը օգտագործեց ծառայելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուր որ ալ գտնուեցաւ եւ ինչ պաշտօն որ ստանձնեց: Ան օգնեց ուսանողին ուսանելու համար հայրենիքի մէջ, օգնեց ներդրում կատարողին, որ օժանդակէ Հայաստա-Սփիւռք կապի զարգացումին եւ Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին, օգնեց մշակութային կամ մարզական միութիւններուն խումբ հրաւիրելու համար Հայաստանէն կամ խումբ ուղարկելու հայրենիք: Միշտ պատրաստ էր գործը դիւրացնելու, ազգաշէն բոլոր ծրագիրները քաջալերելու համար։ Կը զգար տարագիր հայ մարդուն ծարաւը հայրենիքի հանդէպ ու ճիգ չէր խնայեր քաջալերելու համար ամէն նախաձեռնութիւն: Տարագիր արեւմտահայութեան մեծ բարեկամն էր հայրենիքի մէջ: Ճիշդ անձն էր ճիշդ պաշտօնին վրայ:

Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Ռոմէն Կոզմոյեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն: Հողը թեթեւ գայ վրադ ազնիւ հայորդի, դուն որ քեզի վստահուած գործը կատարեցիր հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ, հասար բոլորին անխտիր: Խունկ ու աղօթք քու պայծառ յիշատակիդ առջեւ: Աստուած քու հոգիդ պահէ լոյսերու մէջ:

 

Ի Դիմաց`
Ռ.Ա.Կ.Լիpանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպիր                                                            Ատենապետ

Վ.Թոսունեան                                               Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան

 

Փարիզ եւ Ուաշինկթըն կը հաստատեն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի յանձնառութեան պահպանումը
Նախորդ նիւթը

Փարիզ եւ Ուաշինկթըն կը հաստատեն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի յանձնառութեան պահպանումը

«Չեմ ընդունել ու չեմ ընդունելու մեղադրանքները, թէ «յանձնել եմ հողեր», ինձ պէտք է մեղադրել դրանք չյանձնելու մէջ». Վարչապետ
Յաջորդ նիւթը

«Չեմ ընդունել ու չեմ ընդունելու մեղադրանքները, թէ «յանձնել եմ հողեր», ինձ պէտք է մեղադրել դրանք չյանձնելու մէջ». Վարչապետ

ԱնցնիլՎեր