Փաշինեանը նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրով Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։ «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը`Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ: Յիշեցնենք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին: Իսկ քանի որ ԱԺ–ի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով ընտրուած պատգամաւորները, անոնք առաջադրած էին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։
2 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Փաշինեանը նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրով Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը`Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Յիշեցնենք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին: Իսկ քանի որ ԱԺ–ի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակով ընտրուած պատգամաւորները, անոնք առաջադրած էին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։

Թոքիօ-2020. Ըմբիշներ Կարապետ Չալեանն ու Արթուր Ալեքսանեանը անցան կիսաեզրափակիչ
Նախորդ նիւթը

Թոքիօ-2020. Ըմբիշներ Կարապետ Չալեանն ու Արթուր Ալեքսանեանը անցան կիսաեզրափակիչ

Յայտնաբերուած է անյայտ հանգամանքներու մէջ զօրամասը լքած ՊԲ զինծառայողի դին
Յաջորդ նիւթը

Յայտնաբերուած է անյայտ հանգամանքներու մէջ զօրամասը լքած ՊԲ զինծառայողի դին

ԱնցնիլՎեր