Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի ու հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման մասին հարցեր

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Թայէպ Էրտողանը քննարկած են Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին յայտարարած է Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստին։ Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուցած են տարածաշրջանային խնդիրներուն: Փեսքով աւելցուցած է, որ Փութինը Էրտողանի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու միջեւ փոխզիջումային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը։ «Ռուսական կողմէն ընդգծուած է, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումային լուծումներ գտնեն փոխադրային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ սահմաններու սահմանազատման հարցով»,-ըսած է Փեսքով։    
30 Սեպտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի ու հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման մասին հարցեր

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Թայէպ Էրտողանը քննարկած են Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին յայտարարած է Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստին։

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուցած են տարածաշրջանային խնդիրներուն:

Փեսքով աւելցուցած է, որ Փութինը Էրտողանի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու միջեւ փոխզիջումային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը։

«Ռուսական կողմէն ընդգծուած է, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումային լուծումներ գտնեն փոխադրային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ սահմաններու սահմանազատման հարցով»,-ըսած է Փեսքով։  

 

Կառավարութիւնը հաստատեց աննախադէպ՝ 4.4 միլիառ 483 միլիոն ԱՄՆ տոլար կազմող 2022-ի ՀՀ պետական պիւտճէն
Նախորդ նիւթը

Կառավարութիւնը հաստատեց աննախադէպ՝ 4.4 միլիառ 483 միլիոն ԱՄՆ տոլար կազմող 2022-ի ՀՀ պետական պիւտճէն

ՌԱԿ-ի Պանծալի Հարիւրամեակի Առիթով. Յայտարարութիւն
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Պանծալի Հարիւրամեակի Առիթով. Յայտարարութիւն

ԱնցնիլՎեր