Փութին-Շառլ Միշէլ քննարկում. Թեման Ղարաբաղն է

Հեռախօսազրոյց ունեցած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ի թիւս այլ հարցերու, կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման: «Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման թեմային, այդ շարքին` հաշուի առնելով վերջերս Վլատիմիր Փութինի եւ Շարլ Միշէլի շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ», կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ’ըսուի․ «Վերահաստատուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եռակողմ համաձայնագրերու հետեւողական իրականացման հիմնարար կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Ռուսաստանի նախագահը տեղեկացուցած է տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման ծրագրերու
22 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
Փութին-Շառլ Միշէլ քննարկում. Թեման Ղարաբաղն է

Հեռախօսազրոյց ունեցած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ի թիւս այլ հարցերու, կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան ապահովման:

«Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման թեմային, այդ շարքին` հաշուի առնելով վերջերս Վլատիմիր Փութինի եւ Շարլ Միշէլի շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ», կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ’ըսուի․ «Վերահաստատուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եռակողմ համաձայնագրերու հետեւողական իրականացման հիմնարար կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ, Ռուսաստանի նախագահը տեղեկացուցած է տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման ծրագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկին ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին»:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին գրասենեակը հեռախօսազրոյցին մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չի հաղորդեր:

Պաշտօնական Մոսկուան նախօրէին յայտարարած է, որ Պրիւքսէլը կ’ուզէ Ռուսաստանէն խլել միջնորդութիւնը հայ-ատրպէյճանական հաշտեցման գործընթացին մէջ:

Վարչապետը կը բացառէ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրումը առանց հանրային լայն քննարկման
Նախորդ նիւթը

Վարչապետը կը բացառէ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրումը առանց հանրային լայն քննարկման

Հայազգի երեք ռուս գործարար ներառուած է «Ֆորպզ»ի միլիառատէրերու վարկանիշային ցանկին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Հայազգի երեք ռուս գործարար ներառուած է «Ֆորպզ»ի միլիառատէրերու վարկանիշային ցանկին մէջ

ԱնցնիլՎեր