Քոնկրէսական Թէյլըր առաջարկած է պաշտօնանկութեան գործընթաց յայտարարել ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի նկատմամբ

Յայտնի քոնկրէսական՝ Մարկըրի Թէյլըր Կրին առաջարկած է Քոնկրէսին 3 իմփիչմընթ (պաշտօնանկութեան գործընթաց) յայտարարել ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի նկատմամբ, անոնց կարգին՝ Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած իրադրութեան համար։ Այս մասին յայտնած է Ռիա Նովոսթին։ Ճորճիա նահանգը ներկայացնող կին հանրապետականը յայտնած է, որ Քոնկրէսի դիտարկման ներկայացուցած է Պայտընը իշխանութենէն հեռացնելու բանաձեւերու նախագիծեր։ Ան նշած է, որ Պայտըն «Թալեպան» ահաբեկչական իշխանութեան ներքոյ ձգած է 10 հազար ամերիկացի։ Կրին նաեւ համոզած է, որ Պայտըն խախտած է գաղթականութեան օրէնսդրութիւնը՝ ԱՄՆ-ի հարաւային սահմանին մէջ թոյլ տալով ճգնաժամ։ Քաղաքական գործիչի կարծիքով՝ Պայտըն, չնայած Գերագոյն դատարանի դիրքորոշման, ինքզինքին վերագրած է նաեւ օրէնսդրական լիազօրութիւններ եւ երկարաձգած վարձակալներու վտարման մորաթորիումը: Կրինի խօսքով՝
23 Օգոստոսի 2021
4 ր. ընթերցում
Քոնկրէսական Թէյլըր առաջարկած է պաշտօնանկութեան գործընթաց յայտարարել ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի նկատմամբ

Յայտնի քոնկրէսական՝ Մարկըրի Թէյլըր Կրին առաջարկած է Քոնկրէսին 3 իմփիչմընթ (պաշտօնանկութեան գործընթաց) յայտարարել ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի նկատմամբ, անոնց կարգին՝ Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած իրադրութեան համար։ Այս մասին յայտնած է Ռիա Նովոսթին։

Ճորճիա նահանգը ներկայացնող կին հանրապետականը յայտնած է, որ Քոնկրէսի դիտարկման ներկայացուցած է Պայտընը իշխանութենէն հեռացնելու բանաձեւերու նախագիծեր։ Ան նշած է, որ Պայտըն «Թալեպան» ահաբեկչական իշխանութեան ներքոյ ձգած է 10 հազար ամերիկացի։

Կրին նաեւ համոզած է, որ Պայտըն խախտած է գաղթականութեան օրէնսդրութիւնը՝ ԱՄՆ-ի հարաւային սահմանին մէջ թոյլ տալով ճգնաժամ։ Քաղաքական գործիչի կարծիքով՝ Պայտըն, չնայած Գերագոյն դատարանի դիրքորոշման, ինքզինքին վերագրած է նաեւ օրէնսդրական լիազօրութիւններ եւ երկարաձգած վարձակալներու վտարման մորաթորիումը: Կրինի խօսքով՝ Պայտընի նախագահութեան 7 ամիսներու ընթացքին Ամերիկան կորսնցուցած է ողջ աշխարհի յարգանքը։

Կրինի նախագիծը յաջողելու քիչ առիթներ ունի, քանի որ Քոնկրէսի երկու պալատներն ալ կը գտնուին Պայտընի կողմնակիցներու՝ դեմոկրատներու վերահսկողութեան տակ։

Աւելի վաղ հանրապետականները կտրուկ քննադատած էին Պայտընը՝ Աֆղանիստանի վերաբերեալ ելոյթէն ետք՝ անուանելով անոր արտայայտութիւնները «իրականութենէն կտրուած»։

Հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը դեռ լուծուած չէ. Լին Թրէյսի
Նախորդ նիւթը

Հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը դեռ լուծուած չէ. Լին Թրէյսի

Հրապարակուած է Արմէն Ճիկարխանեանի գերեզմանին տեղադրուելիք յուշարձանի լուսանկարը
Յաջորդ նիւթը

Հրապարակուած է Արմէն Ճիկարխանեանի գերեզմանին տեղադրուելիք յուշարձանի լուսանկարը

ԱնցնիլՎեր