«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը աշխարհի մէջ յայտնուած է երկրորդ տեղը

«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը առաջ անցած է Մեծ Բրիտանիայէն եւ յայտնուած է երկրորդ հորիզոնական։ Այս մասին կը վկայեն երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան թարմացուցած տուեալները, կը փոխանցէ TASS-ը։ Վերջին 1 օրուան մէջ հարաւամերիկեան հանրապետութեան մէջ մահուան դէպքերու թիւը աւելցած է 909-ով՝ հասնելով 41 828-ի։ 1 օրուան մէջ ի յայտ բերուած է վարակման 25 982 նոր դէպք։ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 828 810-ի։ Առողջացած է 365 063 հիւանդ, որմէ 19 468-ը՝ վերջին 1 օրուան մէջ։ Երկրին մէջ վարակի տարածման գլխաւոր օճախը կը մնայ Սան Փաուլօ նահանգը, որուն բաժին հասած է վարակման դէպքերու 168 հազարը եւ մահուան դէպքերու 10 368-ը։ Երկրորդը Ռիօ տե Ժանէյրոն է (77 784
13 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը աշխարհի մէջ յայտնուած է երկրորդ տեղը

«Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւով Պրազիլը առաջ անցած է Մեծ Բրիտանիայէն եւ յայտնուած է երկրորդ հորիզոնական։ Այս մասին կը վկայեն երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան թարմացուցած տուեալները, կը փոխանցէ TASS-ը։

Վերջին 1 օրուան մէջ հարաւամերիկեան հանրապետութեան մէջ մահուան դէպքերու թիւը աւելցած է 909-ով՝ հասնելով 41 828-ի։ 1 օրուան մէջ ի յայտ բերուած է վարակման 25 982 նոր դէպք։ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 828 810-ի։ Առողջացած է 365 063 հիւանդ, որմէ 19 468-ը՝ վերջին 1 օրուան մէջ։

Երկրին մէջ վարակի տարածման գլխաւոր օճախը կը մնայ Սան Փաուլօ նահանգը, որուն բաժին հասած է վարակման դէպքերու 168 հազարը եւ մահուան դէպքերու 10 368-ը։ Երկրորդը Ռիօ տե Ժանէյրոն է (77 784 վարակակիր, 7 417 մահ)։

Ատրպէյճանցիք «Քորոնա»ով հիւանդ հայաստանցիներու տուեալներ հանրայնացուցած են․ Սամուէլ Մարտիրոսեան
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիք «Քորոնա»ով հիւանդ հայաստանցիներու տուեալներ հանրայնացուցած են․ Սամուէլ Մարտիրոսեան

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 17 064-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 17 064-ի

ԱնցնիլՎեր