Քրեմլին. Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան

Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: «Անկասկած, այդ հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնն է: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ռազմական ենթակառուցուածքի տեղակայումը մեր սահմաններու մօտ մեր յատուկ ուշադրութեան առիթ է, ինչպէս նաեւ պատճառ՝ մեր ձեռնարկելիք քայլերու, որոնք անհրաժեշտ են մեր անվտանգութեան ու շահերու ապահովման համար»,-ըսած է ան:   Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաժարած է մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնը՝ այն անուանելով տարաձայնութիւն:  Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը չէր բացառած, որ Ատրպէյճանի մէջ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրի շրջածիրէն ներս կրնայ խօսք ըլլալ ատրպէյճանական տարածքին
18 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Քրեմլին. Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան

Ռուսաստանը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի ստեղծման հնարաւորութեան մասին տեղեկութեան: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Անկասկած, այդ հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնն է: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ռազմական ենթակառուցուածքի տեղակայումը մեր սահմաններու մօտ մեր յատուկ ուշադրութեան առիթ է, ինչպէս նաեւ պատճառ՝ մեր ձեռնարկելիք քայլերու, որոնք անհրաժեշտ են մեր անվտանգութեան ու շահերու ապահովման համար»,-ըսած է ան:  

Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հրաժարած է մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնը՝ այն անուանելով տարաձայնութիւն: 

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը չէր բացառած, որ Ատրպէյճանի մէջ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրի շրջածիրէն ներս կրնայ խօսք ըլլալ ատրպէյճանական տարածքին մէջ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու ռազմակայանի ստեղծման մասին։ 

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեանի ու Արա Աբրահամեանի նկատմամբ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեանի ու Արա Աբրահամեանի նկատմամբ

Հայաստանը նոր խորհրդարան կ'ընտրէ. մեկնարկած է քուէարկութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը նոր խորհրդարան կ’ընտրէ. մեկնարկած է քուէարկութիւնը

ԱնցնիլՎեր