Քրտամէտ HDP-ն կանգնած է փակման սեմին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը արձագանգած է երկրի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կուսակցութիւնը փակելու նպատակով Սահմանադրական դատարան ուղարկուած մեղադրական եզրակացութեան: Այս մասին գրած է Gazete Karınca պարբերականը: «Մաֆիաներու դէմ լռութիւն պահպանողները կը յարձակին մեր կուսակցութեան վրայ` իրենց իշխանութիւնը ընդլայնելու նպատակով»,- ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ: Կուսակցութիւնը յայտարարութիւնը տեղադրած է իր թուիթըրեան էջին՝ անոր կցելով «Դատեցէ՛ք մաֆիան, ոչ թէ HDP-ն» հեշթեկով: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական աղմկայարոյց գայթակղութիւն առաջացած է: Անցեալ տարեսկիզբին երկրէն փախած թուրք մաֆիոզ Սետաթ Փեքերը YouTube-ի մէջ հրապարակած է աղմկայարոյց տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը պատմէ քրէական աշխարհի հետ թրքական վերնախաւի կապերու մասին, ինչպէս նաեւ կը մեղադրէ նախագահ Էրտողանի շրջապատի
8 Հունիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Քրտամէտ HDP-ն կանգնած է փակման սեմին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը արձագանգած է երկրի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կուսակցութիւնը փակելու նպատակով Սահմանադրական դատարան ուղարկուած մեղադրական եզրակացութեան: Այս մասին գրած է Gazete Karınca պարբերականը:

«Մաֆիաներու դէմ լռութիւն պահպանողները կը յարձակին մեր կուսակցութեան վրայ` իրենց իշխանութիւնը ընդլայնելու նպատակով»,- ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ:

Կուսակցութիւնը յայտարարութիւնը տեղադրած է իր թուիթըրեան էջին՝ անոր կցելով «Դատեցէ՛ք մաֆիան, ոչ թէ HDP-ն» հեշթեկով:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ներքաղաքական աղմկայարոյց գայթակղութիւն առաջացած է: Անցեալ տարեսկիզբին երկրէն փախած թուրք մաֆիոզ Սետաթ Փեքերը YouTube-ի մէջ հրապարակած է աղմկայարոյց տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը պատմէ քրէական աշխարհի հետ թրքական վերնախաւի կապերու մասին, ինչպէս նաեւ կը մեղադրէ նախագահ Էրտողանի շրջապատի պաշտօնեաները սպաննութիւններու, թմրաշրջանառութեան, փտածութեան եւ այլ յանցագործութիւններու մէջ:

Նշենք, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան դէմ եղած Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութեան մեղադրական եզրակացութեան մէջ քաղաքական գործունէութեան արգելք պահանջուած է կուսակցութեան մօտ 500 անդամներու համար: Մեղադրական եզրակացութեան մէջ պահանջուած է նաեւ, որ կուսակցութեան դրամատնային հաշիւի նկատմամբ նախազգուշական միջոց կիրառուի:

Վլատիմիր Փութին եւ Շառլ Միշել քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ
Նախորդ նիւթը

Վլատիմիր Փութին եւ Շառլ Միշել քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

Պաքուն կը դատէ Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը
Յաջորդ նիւթը

Պաքուն կը դատէ Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը

ԱնցնիլՎեր