Ֆրանսայի ԱԳ նախարար․ «Թուրքիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կրնան սահմանվել»

«Էրմէնիհապէր»  կայքէն կը կարդանք՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիանը յայտարարած է, որ Եւրամիութիւնը կրնայ Թուրքիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ սահմանել։  Լը Տրիանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է․ «Մեր պահանջով 13 յուլիսին ԵՄ նախարարները ժողով պիտի գումարեն, որու օրակարգի միակ թեման Թուրքիոյ հարցը պիտի ըլլայ։ Այժմ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ նաւթի որոնման աշխատանքներ իրականացնելու համար Եւրամութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կը կիրառէ։ Ժողովի ժամանակ կրնայ օրակարգ բերուիլ նոր պատժամիջոցներու հարցը»,- ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը։ Նշենք, որ վերջին շրջանին 2 երկրներու յարաբերութիւնները լարուած են Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան մասին մէջ (Կիպրոսի ափերուն մօտ) իրականացուող
2 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի ԱԳ նախարար․ «Թուրքիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կրնան սահմանվել»

«Էրմէնիհապէր»  կայքէն կը կարդանք՝

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իւ Լը Տրիանը յայտարարած է, որ Եւրամիութիւնը կրնայ Թուրքիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ սահմանել։ 

Լը Տրիանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ մասնաւորապէս ըսած է․ «Մեր պահանջով 13 յուլիսին ԵՄ նախարարները ժողով պիտի գումարեն, որու օրակարգի միակ թեման Թուրքիոյ հարցը պիտի ըլլայ։ Այժմ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ նաւթի որոնման աշխատանքներ իրականացնելու համար Եւրամութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կը կիրառէ։ Ժողովի ժամանակ կրնայ օրակարգ բերուիլ նոր պատժամիջոցներու հարցը»,- ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը։

Նշենք, որ վերջին շրջանին 2 երկրներու յարաբերութիւնները լարուած են Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան մասին մէջ (Կիպրոսի ափերուն մօտ) իրականացուող հորատման աշխատանքներու, Լիպիոյ ու Սուրիոյ մէջ Անգարայի գործողութիւններու հետեւանքով։

 

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ալ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Լիպիական հակամարտութեան յանցաւոր է։

Gor Mkhitarian - "Protect Us" // Գոռ Մխիթարյան - "ՊԱՇՏՊԱՆԻՐ ՄԵԶ" produced by Art Grigorian
Նախորդ նիւթը

Gor Mkhitarian — “Protect Us” // Գոռ Մխիթարյան — “ՊԱՇՏՊԱՆԻՐ ՄԵԶ” produced by Art Grigorian

Նիկոլ Փաշինեանի նոր փոխնախարար նշանակած է
Յաջորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանի նոր փոխնախարար նշանակած է

ԱնցնիլՎեր