Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն

Ֆրանսական յայտնի Christian Dior Parfums-ին ստեղծագործական նոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ֆրանսիս Քիւրքճեանը: Այս մասին Քիւրքճեան յայտնած է Instagram-ի իր էջով: «Ինծի համար մեծ պատիւ է՝ միանալ Christian Dior Parfums-ին՝ օծանելիքի տան, որ ունի ոգեշնչող պատմութիւն եւ ստեղծագործական ոգի, վստահօրէն ձգտող դէպի ապագայ: Այսօր ես ուրախ եմ, որ պիտի կարողանամ կեանքի կոչել իմ տեսլականը, իմ բուրումնաւէտ ստեղծագործութիւններով՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ստեղծագործել իմ սեփական օծանելիքի տան համար, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է», նշած է Քիւրքճեան:  Ֆրանսիս Քիւրքճեան ծնած է 1969-ին Փարիզ։ Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանէն են եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնած են գաղթի ճամբան եւ հասած Հալէպ, ապա հաստատուած Ֆրանսա:  25 տարեկանին
15 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն

Ֆրանսական յայտնի Christian Dior Parfums-ին ստեղծագործական նոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ֆրանսիս Քիւրքճեանը: Այս մասին Քիւրքճեան յայտնած է Instagram-ի իր էջով:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է՝ միանալ Christian Dior Parfums-ին՝ օծանելիքի տան, որ ունի ոգեշնչող պատմութիւն եւ ստեղծագործական ոգի, վստահօրէն ձգտող դէպի ապագայ: Այսօր ես ուրախ եմ, որ պիտի կարողանամ կեանքի կոչել իմ տեսլականը, իմ բուրումնաւէտ ստեղծագործութիւններով՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ստեղծագործել իմ սեփական օծանելիքի տան համար, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է», նշած է Քիւրքճեան: 

Ֆրանսիս Քիւրքճեան ծնած է 1969-ին Փարիզ։ Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանէն են եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնած են գաղթի ճամբան եւ հասած Հալէպ, ապա հաստատուած Ֆրանսա: 

25 տարեկանին ստեղծած է իր առաջին աշխատանքը՝ «Le Mâle»-ը, Ժան Փօլ Կոթյէի պատուէրով: Այդ օծանելիքի սրուակը անձամբ ձեւաւորած է Ժան Փօլ Կոթյէն։ 

Ֆրանսիս Քիւրքճեան աւելի քան հարիւր օծանելիքի եւ բոյրերու հեղինակ է։

Պոլսոյ հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Պալեաններու անունով
Նախորդ նիւթը

Պոլսոյ հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Պալեաններու անունով

Թուրքիա-Իրան քննարկումներ
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիա-Իրան քննարկումներ

ԱնցնիլՎեր