Պոլսոյ հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Պալեաններու անունով

Իսթանպուլի Սկիւտար թաղամասի հայկական Սուրբ Խաչ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի հայ ճարտարապետներու՝ Պալեաններու ընտանիքին յիշատակի միջոցառումը։ Միջացառման մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, Իսթանպուլի քաղաքապետը եւ պոլսահայ յայտնի գործիչներ։ Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն մեծ կարեւորութիւն տուած է Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետական գործունէութեան՝ շեշտելով, որ այն հարստացուցած է Իսթանպուլի մշակութային ժառանգութիւնը։  Իսթանպուլի քաղաքապետը շեշտած է, որ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որպէսզի հրապարակներէն մէկը անուանակոչուի Պալեաններու անունով։ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Արք. Մաշալեան պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնած է քաղաքապետի այս նախաձեռնութեան առթիւ։ Նշենք, որ Պալեանները Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի ճարտարապետներն էին։ Պալեանները կառուցած են Իսթանպուլի մէջ շքեղ պալատներ, կամուրջներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ
15 Հոկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Պոլսոյ հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Պալեաններու անունով

Իսթանպուլի Սկիւտար թաղամասի հայկական Սուրբ Խաչ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի հայ ճարտարապետներու՝ Պալեաններու ընտանիքին յիշատակի միջոցառումը։

Միջացառման մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, Իսթանպուլի քաղաքապետը եւ պոլսահայ յայտնի գործիչներ։

Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն մեծ կարեւորութիւն տուած է Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետական գործունէութեան՝ շեշտելով, որ այն հարստացուցած է Իսթանպուլի մշակութային ժառանգութիւնը։  Իսթանպուլի քաղաքապետը շեշտած է, որ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որպէսզի հրապարակներէն մէկը անուանակոչուի Պալեաններու անունով։

Պոլսոյ Հայոց Սահակ Արք. Մաշալեան պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնած է քաղաքապետի այս նախաձեռնութեան առթիւ։

Նշենք, որ Պալեանները Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի ճարտարապետներն էին։ Պալեանները կառուցած են Իսթանպուլի մէջ շքեղ պալատներ, կամուրջներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ տարբեր նշանակութեան շէնքեր։

Հոկտեմբեր 27, 1999՝ Տագնապեցնող, Անհատնում Մղձաւանջ. Ասատուր Տէվլեթեան
Նախորդ նիւթը

Հոկտեմբեր 27, 1999՝ Տագնապեցնող, Անհատնում Մղձաւանջ. Ասատուր Տէվլեթեան

Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն
Յաջորդ նիւթը

Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն

ԱնցնիլՎեր