ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանը այսուհետ պիտի օգտագործէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրը՝ «Հայկական ջարդերու» փոխարէն

ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանի որոշմամբ «Հայկական ջարդեր» խորագրի տակ գտնուող գիրքերը եւ այլ նիւթերը այսուհետ պիտի դասակարգուին «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրի տակ։  Քոնկրէսի գրադարանը նման որոշում ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ մի քանի քոնկրէսականներու կողմէ մեկնարկած արշաւի շնորհիւ։ Քոնկրէսի գրադարանին նման փոփոխութիւն կատարելու կոչով նամակներ ուղղած են ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Տինա Թիթուսը, Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփէյրը եւ ծերակուտական Պոպ Մենենտեսը։ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանը նոյնպէս մեծ դերակատարում ունեցած է այս փոփոխութեան մէջ՝ պաշտօնական դիմում ուղարկելով Քոնկրէսի գրադարանին անցեալ ամիս։ Քոնկրէսականները ողջունած են Քոնկրէսի գրադարանի ընդունած որոշումը՝ նշելով, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը ցոյց կու տայ պատմութեան իրական
22 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանը այսուհետ պիտի օգտագործէ  «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրը՝ «Հայկական ջարդերու» փոխարէն

ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանի որոշմամբ «Հայկական ջարդեր» խորագրի տակ գտնուող գիրքերը եւ այլ նիւթերը այսուհետ պիտի դասակարգուին «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրի տակ։  Քոնկրէսի գրադարանը նման որոշում ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ մի քանի քոնկրէսականներու կողմէ մեկնարկած արշաւի շնորհիւ։

Քոնկրէսի գրադարանին նման փոփոխութիւն կատարելու կոչով նամակներ ուղղած են ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Տինա Թիթուսը, Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփէյրը եւ ծերակուտական Պոպ Մենենտեսը։

Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանը նոյնպէս մեծ դերակատարում ունեցած է այս փոփոխութեան մէջ՝ պաշտօնական դիմում ուղարկելով Քոնկրէսի գրադարանին անցեալ ամիս։

Քոնկրէսականները ողջունած են Քոնկրէսի գրադարանի ընդունած որոշումը՝ նշելով, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը ցոյց կու տայ պատմութեան իրական պատկերը։

ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցով կը մեկնի ԱՄՆ
Նախորդ նիւթը

ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցով կը մեկնի ԱՄՆ

Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

ԱնցնիլՎեր