Ատրպէյճանը նեղացած է ԱՄՆ նոր վարչակազմէն

Ատրպէյճանը դեռ որեւէ հաղորդագրութիւն չէ ստացած ԱՄՆ նոր վարչակզմէն: Այս մասին ADA համալսարանին մէջ խորհրդաժողովի ժամանակ պատասխանելով յետպատերազմեան շրջանին ԱՄՆ դերի մասին հարցին՝ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ան նշած է, որ յունուարէն ոչ մէկ հաղորդագրութիւն ստացած է: Ալիեւը նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն աւելի վաղ զանգած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: «Ես չեմ գիտեր ինչի մասին խօսած են անոնք, սակայն հաւասարակշռութիւնը խախտուած է: Ես չեմ ըսեր, որ անոնցմէ զանգ կը սպասեմ, սակայն անոնք կը ներկայացնեն Մինսքի խումբը: ԱՄՆ-ն պէտք է հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերէ»,-ըսած է ան:   Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ԱՄՆ վարչակազմէն ստացած միակ
14 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը նեղացած է ԱՄՆ նոր վարչակազմէն

Ատրպէյճանը դեռ որեւէ հաղորդագրութիւն չէ ստացած ԱՄՆ նոր վարչակզմէն: Այս մասին ADA համալսարանին մէջ խորհրդաժողովի ժամանակ պատասխանելով յետպատերազմեան շրջանին ԱՄՆ դերի մասին հարցին՝ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Ան նշած է, որ յունուարէն ոչ մէկ հաղորդագրութիւն ստացած է:

Ալիեւը նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն աւելի վաղ զանգած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: «Ես չեմ գիտեր ինչի մասին խօսած են անոնք, սակայն հաւասարակշռութիւնը խախտուած է: Ես չեմ ըսեր, որ անոնցմէ զանգ կը սպասեմ, սակայն անոնք կը ներկայացնեն Մինսքի խումբը: ԱՄՆ-ն պէտք է հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերէ»,-ըսած է ան:  

Անոր խօսքով՝ մինչ օրս ԱՄՆ վարչակազմէն ստացած միակ հաղորդագրութիւնը եղած է Նէյրուզի կապակցութեամբ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի շնորհաւորանքը:

Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ
Նախորդ նիւթը

Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ

ԱԺ-ն ընդունած է կաշառակերութեան դէմ դատարան ստեղծելու մասին օրինագիծը
Յաջորդ նիւթը

ԱԺ-ն ընդունած է կաշառակերութեան դէմ դատարան ստեղծելու մասին օրինագիծը

ԱնցնիլՎեր