Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ

Ֆրանսացի դիւանագէտը նշած է, որ վերջերս այցելած է Եռաբլուրի ռազմական գերեզմանատուն: «Մենք կը տեսնենք, թէ որքան զոհեր կան, որքան կորուստներ: Մենք կը տեսնենք ընտանիքներու տառապանքները: Բայց այդ նաեւ տեղ է, ուր կը դրսեւորուի արժանապատուութիւնը: Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ: Այժմ առաջնահերթութիւնը հակամարտութեան լուծումը գտնելն է: Առաջնայինը գերիներու վերադարձն է` 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն, տեղահանուածներու վերադարձը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն գտնելու համար կառուցողական երկխօսութեան վերսկսումը»,- ընդգծած է դեսպանը: Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թշնամական հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ յարաբերութիւններու հաստատման, դեսպանը նշած է. «Հայաստանն արժանապատիւ է իր պարտութեան մէջ: Պէտք է
14 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ

Ֆրանսացի դիւանագէտը նշած է, որ վերջերս այցելած է Եռաբլուրի ռազմական գերեզմանատուն: «Մենք կը տեսնենք, թէ որքան զոհեր կան, որքան կորուստներ: Մենք կը տեսնենք ընտանիքներու տառապանքները: Բայց այդ նաեւ տեղ է, ուր կը դրսեւորուի արժանապատուութիւնը:

Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ: Այժմ առաջնահերթութիւնը հակամարտութեան լուծումը գտնելն է: Առաջնայինը գերիներու վերադարձն է` 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն, տեղահանուածներու վերադարձը, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն գտնելու համար կառուցողական երկխօսութեան վերսկսումը»,- ընդգծած է դեսպանը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թշնամական հռետորաբանութիւնը կը նպաստէ յարաբերութիւններու հաստատման, դեսպանը նշած է. «Հայաստանն արժանապատիւ է իր պարտութեան մէջ: Պէտք է արժանապատիւ ըլլայ նաեւ յաղթանակի պարագային»:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ նախօրէին Պաքի մէջ յայտնուած է գրաւուած հայկական սարքերու այգի՝ պատերազմի իրադարձութիւններու բեմադրման տեսքով: 

Պայտընը Փութինին առաջարկած է հանդիպիլ
Նախորդ նիւթը

Պայտընը Փութինին առաջարկած է հանդիպիլ

Ատրպէյճանը նեղացած է ԱՄՆ նոր վարչակազմէն
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը նեղացած է ԱՄՆ նոր վարչակազմէն

ԱնցնիլՎեր