Պայտընը Փութինին առաջարկած է հանդիպիլ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ նախագահ  Վլատիմիր Փութինի հետ եւ առաջարկած հանդիպում ունենել, յայտնած է Սպիտակ տունը: Ինչպէս կը յայտնէ ԱՄՆ-ի Սպիտակ տունը, Պայտընը Մոսկուային կոչ ըրած է նուազեցնելու լարուածութիւնը Քիեւի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Ան մտահոգութիւն յայտնած է «Ռուսաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ղրիմի մէջ եւ Ուքրանիոյ հետ սահմանին ռազմական ուժերու յանկարծակի աւելացման կապակցութեամբ»: Պայտընը նաեւ բարձրացուցած է ամերիկեան ընտրութիւններուն եւ ցանցահէններու յարձակումներուն միջամտելու հարցը: Ըստ հաղորդագրութեան ՝ Պայտընը պարզ հասկցուցած է, որ «ԱՄՆ-ն պիտի գործէ ի պաշտպանութիւն իր ազգային շահերու՝ Ռուսաստանի գործողութիւններուն պատասխանելու ժամանակ, ինչպիսիք են համացանցային յարձակումներն ու ընտրութիւններուն միջամտելը»: Երկու առաջնորդները հաստատած են սպառազինութիւններու վերահսկման հարցերու
14 Ապրիլի 2021
4 ր. ընթերցում
Պայտընը Փութինին առաջարկած է հանդիպիլ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ նախագահ  Վլատիմիր Փութինի հետ եւ առաջարկած հանդիպում ունենել, յայտնած է Սպիտակ տունը:

Ինչպէս կը յայտնէ ԱՄՆ-ի Սպիտակ տունը, Պայտընը Մոսկուային կոչ ըրած է նուազեցնելու լարուածութիւնը Քիեւի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Ան մտահոգութիւն յայտնած է «Ռուսաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ղրիմի մէջ եւ Ուքրանիոյ հետ սահմանին ռազմական ուժերու յանկարծակի աւելացման կապակցութեամբ»:

Պայտընը նաեւ բարձրացուցած է ամերիկեան ընտրութիւններուն եւ ցանցահէններու յարձակումներուն միջամտելու հարցը: Ըստ հաղորդագրութեան ՝ Պայտընը պարզ հասկցուցած է, որ «ԱՄՆ-ն պիտի գործէ ի պաշտպանութիւն իր ազգային շահերու՝ Ռուսաստանի գործողութիւններուն պատասխանելու ժամանակ, ինչպիսիք են համացանցային յարձակումներն ու ընտրութիւններուն միջամտելը»:

Երկու առաջնորդները հաստատած են սպառազինութիւններու վերահսկման հարցերու շուրջ երկխօսութիւն վարելու մտադրութիւնը Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու մասին պայմանագրի հիման վրայ, որ վերջերս երկարացուած է:

ԱՄՆ նախագահը նաեւ հաստատած է, որ կը ձգտի կայուն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններ կառուցելու Ռուսաստանի հետ, առաջարկած է հանդիպում-գագաթնաժողով կազմակերպել երրորդ երկրին մէջ՝ քննարկելու ԱՄՆ-ին եւ Ռուսաստանին յուզող բոլոր խնդիրները։

Հետագայ բանակցային գործընթացի առանցքը պիտի կազմէ «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքի իրագործումը. Ն. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Հետագայ բանակցային գործընթացի առանցքը պիտի կազմէ «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքի իրագործումը. Ն. Փաշինեան

Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ
Յաջորդ նիւթը

Ֆրանսայի դեսպանը՝ Ատրպէյճանին. Պատերազմը ներկայացում բեմադրելու առարկայ չէ

ԱնցնիլՎեր