Ընթացք առած է Ֆրանսայի ֆոնեթոնը. «Ռամկավար Մամուլ»ի աղբիւրը տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Լիոնէն

Այսօր՝ Նոյեմբեր 21–ին, Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած է Ֆոնեթոն 2019–ը: Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ը տեղեկացաւ Լիոնի մէջ սոյն աշխատանքներուն մասնակից, Ֆրանսայի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ  ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Էսքիճեանէն: Ընկ. Էսքիճեան նաեւ հաղորդեց, որ Լիոնի մէջ Ֆոնեթոնի մեկնարկի առաջին ժամերէն արդէն կրցած են հաւաքել 317 700 €: Աշխատանքները կ’իրականացուին Լիոնի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնէն ներս, ուր 4 օրերու ընթացքին զանգեր պիտի երթան 57 000 հայ ընտանիքներու: Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ Ֆոնեթոնը պիտի շարունակուի չորս օրեր շարունակ՝ մինչեւ 24 Նոյեմբեր, բազմաթիւ զանգեր պիտի երթան ֆրանսահայ ընտանիքներուն, խրախուսելով անոնց իրենց ներդրումը ունենաելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յառաջիկայ տարուան նախատեսած ծրագիրներուն: Նշենք,
21 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Ընթացք առած է Ֆրանսայի ֆոնեթոնը. «Ռամկավար Մամուլ»ի աղբիւրը տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Լիոնէն

Այսօր՝ Նոյեմբեր 21–ին, Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած է Ֆոնեթոն 2019–ը: Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ը տեղեկացաւ Լիոնի մէջ սոյն աշխատանքներուն մասնակից, Ֆրանսայի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ  ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Էսքիճեանէն:

Ընկ. Էսքիճեան նաեւ հաղորդեց, որ Լիոնի մէջ Ֆոնեթոնի մեկնարկի առաջին ժամերէն արդէն կրցած են հաւաքել 317 700 €: Աշխատանքները կ’իրականացուին Լիոնի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնէն ներս, ուր 4 օրերու ընթացքին զանգեր պիտի երթան 57 000 հայ ընտանիքներու:

Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ Ֆոնեթոնը պիտի շարունակուի չորս օրեր շարունակ՝ մինչեւ 24 Նոյեմբեր, բազմաթիւ զանգեր պիտի երթան ֆրանսահայ ընտանիքներուն, խրախուսելով անոնց իրենց ներդրումը ունենաելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յառաջիկայ տարուան նախատեսած ծրագիրներուն:

Նշենք, որ Ֆոնեթոնին հաւաքուած գումարները պիտի ուղղուին 2020-ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն:

Միլանի մէջ Փաշինեանին հարց տուած ատրպէյճանցի «պլոկըր»ը յատուկ ծառայութեան անդամ է
Նախորդ նիւթը

Միլանի մէջ Փաշինեանին հարց տուած ատրպէյճանցի «պլոկըր»ը յատուկ ծառայութեան անդամ է

Լոս Անճելըս. ՌԱԿ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան
Յաջորդ նիւթը

Լոս Անճելըս. ՌԱԿ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան

ԱնցնիլՎեր