Լոս Անճելըս. ՌԱԿ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան  ափի ՌԱԿ ղեկավար կազմի անդամներ, Նոյեմբերի 19-ին, ներկայ գտնուած են  Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանը կազմակերպած ընդունելութիւն ` ի պատիւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լիլիթ Մակունցի: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ համայնքային առաջնորդներ, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կառոյցներոու ներկայացուցիչներ, տեղական պաշտօնեաներ: Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը` դեսպան Բայբուրդեանը շեշտեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: Այդ ծիրէն ներս ան գնահատանքի խօսք ըսաւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի շրջանակէն երս տարուող աշխատանքի առիթով եւ շեշտեց, որ այդ աշխատանքը աւելի կը խթանէ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի վրայ գտնուող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Լիլիթ Մակունցը ներկայացուց ԱՄՆ Արեւմտեան ափ կատարած այցի
22 Նոյեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Լոս Անճելըս. ՌԱԿ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան  ափի ՌԱԿ ղեկավար կազմի անդամներ, Նոյեմբերի 19-ին, ներկայ գտնուած են  Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանը կազմակերպած ընդունելութիւն ` ի պատիւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լիլիթ Մակունցի:

Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ համայնքային առաջնորդներ, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կառոյցներոու ներկայացուցիչներ, տեղական պաշտօնեաներ: Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը` դեսպան Բայբուրդեանը շեշտեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: Այդ ծիրէն ներս ան գնահատանքի խօսք ըսաւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի շրջանակէն երս տարուող աշխատանքի առիթով եւ շեշտեց, որ այդ աշխատանքը աւելի կը խթանէ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի վրայ գտնուող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Լիլիթ Մակունցը ներկայացուց ԱՄՆ Արեւմտեան ափ կատարած այցի ընթացքին ունեցած պաշտօնական հանդիպումներու արդիւնքները: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացելու արդիւնաւէտ հարթակներէն է: «Հայ-ամերիկեան բարեկամական խումբին մէջ ընդգրկուած խորհրդարանականներով շատ որոշակի քայլերու եւ անելիքներու առաջարկներով հանդէս կու գանք երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու նպատակով», ըսած է Լիլիթ Մակունցը:  Խորհրդարանական մեծամասնութեան առաջնորդը յայտնած է նաեւ, որ յարաբերութիւնները կը խորացուին տարբեր ուղղութիւններով` սայպըր (cyber) անվտանգութիւնէն մինչեւ առեւտուրի ոլորտ: Պատասխանելով ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն` Լիլիթ Մակունցը ներկայացուց նաեւ Հայաստանի նոր իրողութիւնները, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացումը:

Ընթացք առած է Ֆրանսայի ֆոնեթոնը. «Ռամկավար Մամուլ»ի աղբիւրը տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Լիոնէն
Նախորդ նիւթը

Ընթացք առած է Ֆրանսայի ֆոնեթոնը. «Ռամկավար Մամուլ»ի աղբիւրը տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Լիոնէն

Արմէն Սարգսեանը վստահ է՝ Հայաստանէն Քաթար եւ հակառակ ուղղութեամբ զբօսաշրջութիւնը շատ արագ կը զարգանայ
Յաջորդ նիւթը

Արմէն Սարգսեանը վստահ է՝ Հայաստանէն Քաթար եւ հակառակ ուղղութեամբ զբօսաշրջութիւնը շատ արագ կը զարգանայ

ԱնցնիլՎեր