Թրքական բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Ռաս Ուլ Այն քաղաքի վրայ

«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»  զօրամիաւորումը սկսած է դուրս բերել իր ջոկատները սուրիական սահմանամերձ Ռաս Ուլ Այն քաղաքէն: Այս մասին յայտնած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով արաբական աղբիւրներուն: Հաղորդուող լուրերու համաձայն՝ քրտական ջոկատները սկսած են տարհանուիլ Հասաքէ նահանգի հիւսիս-արեւմտեան շրջանէն: Անոնք կ’ուղեւորուին նահանգի կեդրոնական շրջաններ՝ ըստ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան: Աւելի ուշ «Ալ-Արապիա» հեռուստաալքիը յայտնած է, որ թրքական զօրքերը եւ անոնց աջակցող սուրիական ընդդիմութեան ուժերը վերահսկողութեան տակ առած են Ռաս Ուլ Այն քաղաքը:   17 Հոկտեմբերին Ուաշինկթընն ու Անգարան համաձայնութեան եկած են Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին, որմէ ետք քրտական զօրամիաւորումները պարտաւորուած են ազատել սահմանի երկայնքով 30 քմ տարածութեամբ ձգուող շրջանները:
21 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Թրքական բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Ռաս Ուլ Այն քաղաքի վրայ

«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»  զօրամիաւորումը սկսած է դուրս բերել իր ջոկատները սուրիական սահմանամերձ Ռաս Ուլ Այն քաղաքէն: Այս մասին յայտնած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով արաբական աղբիւրներուն:

Հաղորդուող լուրերու համաձայն՝ քրտական ջոկատները սկսած են տարհանուիլ Հասաքէ նահանգի հիւսիս-արեւմտեան շրջանէն: Անոնք կ’ուղեւորուին նահանգի կեդրոնական շրջաններ՝ ըստ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Աւելի ուշ «Ալ-Արապիա» հեռուստաալքիը յայտնած է, որ թրքական զօրքերը եւ անոնց աջակցող սուրիական ընդդիմութեան ուժերը վերահսկողութեան տակ առած են Ռաս Ուլ Այն քաղաքը:  

17 Հոկտեմբերին Ուաշինկթընն ու Անգարան համաձայնութեան եկած են Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին, որմէ ետք քրտական զօրամիաւորումները պարտաւորուած են ազատել սահմանի երկայնքով 30 քմ տարածութեամբ ձգուող շրջանները:

Հայկ Մարութեանը շնորհաւորած է «Էրեբունի Երեւան»-ի 2801-ամեակի առիթով
Նախորդ նիւթը

Հայկ Մարութեանը շնորհաւորած է «Էրեբունի Երեւան»-ի 2801-ամեակի առիթով

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը այցելած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոն
Յաջորդ նիւթը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը այցելած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոն

ԱնցնիլՎեր