Հայկական լաւաշը աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին գրաւած է երկրորդ տեղը. CNN

Հայկական լաւաշը ներառուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին: «CNN»ը հրապարակած է յօդուած մը, ուր ներկայացուած են աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, իսկ ցանկին մէջ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ հայկական լաւաշը: Այս մասին կը հաղորդէ«Արմէնբրես»ը: «Ի՞նչ է հացը: Այս հարցին մասին, հաւանաբար, դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը փափաքիք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ որ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին», գրած է յօդուածագիրը: Հեղինակը յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ մասնագէտներուն այն խօսքը, որ «հացը հիմնականին մէջ այն է, որուն մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»: «CNN» առանձին-առանձին ներկայացուցած է Աֆղանիստանի, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ,
18 Հոկտեմբերի 2019
5 ր. ընթերցում
Հայկական լաւաշը աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին գրաւած է երկրորդ տեղը. CNN

Հայկական լաւաշը ներառուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին: «CNN»ը հրապարակած է յօդուած մը, ուր ներկայացուած են աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, իսկ ցանկին մէջ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ հայկական լաւաշը: Այս մասին կը հաղորդէ«Արմէնբրես»ը:

«Ի՞նչ է հացը: Այս հարցին մասին, հաւանաբար, դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը փափաքիք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ որ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին», գրած է յօդուածագիրը: Հեղինակը յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ մասնագէտներուն այն խօսքը, որ «հացը հիմնականին մէջ այն է, որուն մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»:

«CNN» առանձին-առանձին ներկայացուցած է Աֆղանիստանի, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ, Պենկլատեշի, Գանատայի, Չիլիի, Չինաստանի, Եթովպիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ շատ մը այլ երկիրներու ազգային հացերը:

«Գերմանիոյ Ուեսթֆալիա շրջանին մէջ հացթուխները քանի մը հատ հաց կը թխեն 24 ժամուան ընթացքին, իսկ ահա ցորենի ալիւրէն պատրաստուած հայկական լաւաշը գեղեցիկ տեսք կը ստանայ 30 երկվայրկեանէն, թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածագիրը:

Յօդուածին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ լաւաշը թխելու գործընթացը եւ կը նշէ, որ ատիկա կը կատարուի հաւաքաբար։

«Երբ ձեր հայ կեսուրը մօտենայ՝ հացը ձեռքին, մի զարմանաք: Լաւաշը նորապսակներուն կը տրուի իբրեւ խորհրդանիշ առատութեան ու բարեկեցութեան: Լաւաշը պատրաստելու գործընթացը կը պահանջէ ընկերներու մասնակցութիւն: Այս աւանդական հացը թխելու ատեն կը համախմբուին կիները, կը պատրաստեն խմորը, յատուկ բարձի վրայ բարակ ու լայն բացուած խմորը ուժգին հարուածով կ՛ամրացնեն նախապէս տաքցուած թոնիրին մէջ», նշած է յօդուածին հեղինակը՝ ընդգծելով, որ այս գործընթացը մեծ վարպետութիւն կը պահանջէ:

Լաւաշը հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն է, ան ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

 

Հայաստանը ընտրուած է ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի անդամ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը ընտրուած է ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի անդամ

Տասնապատիկ աւելի ֆինանսաւորում արտախորհրդարանական ուժերին, եւ ոչ մի դրամ աւելացում՝ գործող ուժերին. Վիգէն Խաչատրեան
Յաջորդ նիւթը

Տասնապատիկ աւելի ֆինանսաւորում արտախորհրդարանական ուժերին, եւ ոչ մի դրամ աւելացում՝ գործող ուժերին. Վիգէն Խաչատրեան

ԱնցնիլՎեր