Սիրելի ՀԵՄականներ եւ հայրենակիցներ,
2021 տարին շուտով կը մօտենայ իր աւարտին եւ բոլորս միասնաբար կը դիմաւորենք գալիք՝ 2022 նոր տարին։
2021 թուականը հայ ազգին համար եղաւ վերականգնումի տարի: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայ ազգը աշխարհի տարբեր կողմերէն իր հայեացքն ուղղեց դէպի հայրենիք, մանաւանդ Արցախ: Միութիւնս անմասն չմնաց Արցախին օգտակար ըլլալու գործին եւ իր կարողութեան ներածին չափով մասնակիցը դարձաւ այդ առաջնահերթ գործին: Լիբանանի մէջ եւս կամաց-կամաց կը փորձեն վերականգնել անցեալի երջանիկ եւ խաղաղ օրերը:
2021-ի աւարտին, կ’ուզեմ արձանագրել, որ շատ ձեռնարկներ միասին կրցանք յաջողցնել, բայց շատ ընելիքներ ալ անկատար մնացին, որոնք պիտի փորձենք կեանքի կոչել 2022 թուականին, դարձեալ ձեր օգնութեամբ: Ինչպէս կ’ըսէ Եղիշէ Չարենց. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»: Կ’ուզեմ նախորդ տարուան նման այս տարի եւս միասնական ըլլանք, որպէսզի կարողանանք մեր նոր ձեռնարկներու յաջողութեամբ 2022-ի աւարտին տարին կոչել յաջողութիւններու տարի:
Սիրելիներ, այսօր Երուսաղէմը դժուար օրեր կ’ապրի: Բոլորիս յայտնի կացութիւնը ահազանգ մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար, որ Երուսաղէմը մեր օգնութեան կը սպասէ: Թող 2022 թուականը համախմբէ մեզ Հայ Երուսաղէմի շուրջ, որպէսզի դարձեալ միասնաբար կերտենք անոր ապագան՝ ի շահ գալիք սերունդներու:
2022-ի Հոկտեմբերին Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը պիտի տօնախմբէ իր 85 ամեակը։ Վարչութիւնս արդէն սկսած է նախապատրասատական աշխատանքներու եւ յույսով ենք որ նախատեսուած բոլոր ծրագիրները կը կարողանանք իրականացնել միասնաբար՝ գործակցելով Երուսաղէմի եւ արտերկրի մէջ բնակող մեր բոլոր անդամ-անդամուհիներուն հետ։
2022-ի առաջին ամիսներուն վարչութիւնը պիտի ներկայացնէ 85-ամեակի տօնախմբութեան առիթով իր նախատեսած բոլոր ծրագիրները:
Սիրելիներ,
Իմ եւ Վարչութեան կողմէ կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Նոր Տարին եւ գալիք Սուրբ Ծնունդը, կը մաղթեմ, որ 2022 թուականը բոլորիս համար ըլլայ խաղաղութեան, հզօրութեան, յաջողութեան տարի մը, որպէսզի կարողանանք համախմբուիլ եւ գործել միասնաբար ի շահ մեր ազգին եւ հայրենիքին։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Սարգիս Ճռնազեան
Ատենապետ ՀԵՄիութեան
Երուսաղէմ