ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրանները. Վաչէ Ղազարեան

Հայ Մամուլի ընտանիքին եւ հայ ընկերային-քաղաքական մտածողութեան մէջ ռամկավար-ազատական մամուլն ունի իր ուրոյն տեղը: ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրաններն են.- -Սիրէ՛ հայրենիքդ անկախաբար իր վարչաձեւէն, վարչակարգերը գնայուն են, մինչ հայրենիքը՝ մնայո՛ւն: -Վահանէ՛ դուն քեզ արկածախնդրութեան հրապոյրներուն եւ փորձութիւններուն դէմ՝ պապենական հողիդ վրայ գտնուիս թէ տարագիր երկինքներու տակ: -Կառչա՛ծ մնա՛ ազգային նուիրականութիւններուդ եւ դատերուդ՝ եթէ խուժդուժ մարդիկ ու պայմաններ քեզ արմատախլած են հայրենիքէդ: -Կազմակերպէ՛ հաւաքական կեանքդ ժողովրդավար սկզբունքներով ո՛ւր ալ գտնուիս: -Գուրգուրա՛ ազատ եւ պատասխանատու մտածողութեան վրայ, որ աղբիւրն է մարդկութեան բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան: -Միջոց նկատէ կուսակցութիւնդ բոլորանուէր ծառայութեան եւ ո՛չ թէ՝ նպատակ:   ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
3 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրանները. Վաչէ Ղազարեան

Հայ Մամուլի ընտանիքին եւ հայ ընկերային-քաղաքական մտածողութեան մէջ ռամկավար-ազատական մամուլն ունի իր ուրոյն տեղը:

ՌԱԿ-եան մամուլի պատուիրաններն են.-

-Սիրէ՛ հայրենիքդ անկախաբար իր վարչաձեւէն, վարչակարգերը գնայուն են, մինչ հայրենիքը՝ մնայո՛ւն:

-Վահանէ՛ դուն քեզ արկածախնդրութեան հրապոյրներուն եւ փորձութիւններուն դէմ՝ պապենական հողիդ վրայ գտնուիս թէ տարագիր երկինքներու տակ:

-Կառչա՛ծ մնա՛ ազգային նուիրականութիւններուդ եւ դատերուդ՝ եթէ խուժդուժ մարդիկ ու պայմաններ քեզ արմատախլած են հայրենիքէդ:

-Կազմակերպէ՛ հաւաքական կեանքդ ժողովրդավար սկզբունքներով ո՛ւր ալ գտնուիս:

-Գուրգուրա՛ ազատ եւ պատասխանատու մտածողութեան վրայ, որ աղբիւրն է մարդկութեան բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան:

-Միջոց նկատէ կուսակցութիւնդ բոլորանուէր ծառայութեան եւ ո՛չ թէ՝ նպատակ:

 

ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հ.Ե.Միութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Սարգիս Ճռնազեանի Նոր Տարուայ Եւ Սուրբ Ծննդեան Ուղերձը
Նախորդ նիւթը

Հ.Ե.Միութեան Ատենապետ՝ Ընկեր Սարգիս Ճռնազեանի Նոր Տարուայ Եւ Սուրբ Ծննդեան Ուղերձը

Հայաստանը ստանձնեց ՀԱՊԿ նախագահութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը ստանձնեց ՀԱՊԿ նախագահութիւնը

ԱնցնիլՎեր