Մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Հայաստանը բարելաւած է դիրքը

Լրագրողներ Առանց Սահմաններու (Reporters Sans Frontieres (RSF) կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան 2022 թուականի զեկոյցը, ուր ընդգրկուած են 180 երկիր ու տարածքներ: Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առաջատար Հայաստանը 51-րդ տեղն է: Վրաստանը 89-րդն է, իսկ Ատրպէյճանը` 154-րդ տեղն է, այդ շարքին են նաեւ Պելառուսիան ու Ռուսաստանը: Հայաստանի մասին զեկոյցին մէջ նշուած է, որ չնայած բազմակարծութեան, լրատուամիջոցները կը մնան բեւեռացուած: «Երկիրը կը բախի աննախադէպ մակարդակի ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի, մասնաւորապէս կապուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային վէճին հետ», ըսուած է զեկոյցին մէջ:
4 Մայիսի 2022
1 ր. ընթերցում
Մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Հայաստանը բարելաւած է դիրքը

Լրագրողներ Առանց Սահմաններու (Reporters Sans Frontieres (RSF) կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան 2022 թուականի զեկոյցը, ուր ընդգրկուած են 180 երկիր ու տարածքներ: Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առաջատար Հայաստանը 51-րդ տեղն է:

Վրաստանը 89-րդն է, իսկ Ատրպէյճանը` 154-րդ տեղն է, այդ շարքին են նաեւ Պելառուսիան ու Ռուսաստանը:

Հայաստանի մասին զեկոյցին մէջ նշուած է, որ չնայած բազմակարծութեան, լրատուամիջոցները կը մնան բեւեռացուած:

«Երկիրը կը բախի աննախադէպ մակարդակի ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի, մասնաւորապէս կապուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային վէճին հետ», ըսուած է զեկոյցին մէջ:

Հայաստանի մէջ դրամատնային հաշիւներ բացած են մօտ 16 հազար ոչ-տեղացիներ. անոնց զգալի մասը ՌԴ-էն են
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ դրամատնային հաշիւներ բացած են մօտ 16 հազար ոչ-տեղացիներ. անոնց զգալի մասը ՌԴ-էն են

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը տեւած է աւելի քան 2 ժամ
Յաջորդ նիւթը

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը տեւած է աւելի քան 2 ժամ

ԱնցնիլՎեր