Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը տեւած է աւելի քան 2 ժամ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Պուտինի հետ: BFM հեռուստաալիքի տուեալներով` զրոյցը տեւած է աւելի քան երկու ժամ: Սա իրենց առաջին խօսակցութիւնն էր Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին Մաքրոնի վերընտրուելէն յետոյ: Քրեմլի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Փութինը իր ֆրանսացի գործընկերոջը ըսած է, որ Ռուսաստանը, «չնայած Քիեւի անհետեւողականութեան եւ լուրջ աշխատանքին անպատրաստութեան», տակաւին բաց է երկխօսութեան համար: Ռուսաստանի ղեկավարը մատնանշած է նաեւ ԵՄ երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման փաստերը: «Ուշադրութիւն հրաւիրուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու կողմէ ուքրանական անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման, Տոնպասի քաղաքներու զանգուածային գնդակոծման, որու հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին», ըսուած է հաղորդագրութեան
4 Մայիսի 2022
2 ր. ընթերցում
Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցը տեւած է աւելի քան 2 ժամ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Պուտինի հետ: BFM հեռուստաալիքի տուեալներով` զրոյցը տեւած է աւելի քան երկու ժամ:

Սա իրենց առաջին խօսակցութիւնն էր Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին Մաքրոնի վերընտրուելէն յետոյ:

Քրեմլի մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` Փութինը իր ֆրանսացի գործընկերոջը ըսած է, որ Ռուսաստանը, «չնայած Քիեւի անհետեւողականութեան եւ լուրջ աշխատանքին անպատրաստութեան», տակաւին բաց է երկխօսութեան համար:

Ռուսաստանի ղեկավարը մատնանշած է նաեւ ԵՄ երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման փաստերը:

«Ուշադրութիւն հրաւիրուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու կողմէ ուքրանական անվտանգութեան ուժերու ռազմական յանցագործութիւններու անտեսման, Տոնպասի քաղաքներու զանգուածային գնդակոծման, որու հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Հայաստանը բարելաւած է դիրքը
Նախորդ նիւթը

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ Հայաստանը բարելաւած է դիրքը

«Կեցցէ՜ հայկական ժողովրդավարութիւնը». ընդդիմութիւնը լքեց դահլիճը, երբ վարչապետն ըսաւ, որ կարեւոր բացայայտում պիտի ընէ
Յաջորդ նիւթը

«Կեցցէ՜ հայկական ժողովրդավարութիւնը». ընդդիմութիւնը լքեց դահլիճը, երբ վարչապետն ըսաւ, որ կարեւոր բացայայտում պիտի ընէ

ԱնցնիլՎեր