Նաթանիահուն դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգած է մինչեւ ամառ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն երկուշաբթի յայտարարած է երկրի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգել մինչեւ ամառ։ Ինչպէս հաղորդած է Kan պետական ռատիոն, կառավարութեան ղեկավարն իր որոշման մասին տեղեկացուցած է իշխող դաշինքի գործընկերներուն, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը: Նշուած է, որ Նաթանիահուն եւ երկրի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Կվիրը օրէնքի կասեցումը երէկ համաձայնեցուցած են: «Հրէական ուժ» կուսակցութենէն ներս, որ կը գլխաւորէ Պեն Կվիրը, յայտնած են, որ դաշինքի խորհրդակցութիւններու աւարտին որոշուած է յետաձգել խորհրդարանէն ներս դատական բարեփոխման հաստատումը մինչեւ ամառային նստաշրջանը։ Մինչ այդ Պեն Կվիրը կտրականապէս դէմ հանդէս կու գար յետաձգման։ Kan–ը նշած է, որ փոխարէնը Նաթանիահուն համաձայնած է
28 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Նաթանիահուն դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգած է մինչեւ ամառ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն երկուշաբթի յայտարարած է երկրի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած դատական բարեփոխման մասին օրէնքի ընդունումը յետաձգել մինչեւ ամառ։ Ինչպէս հաղորդած է Kan պետական ռատիոն, կառավարութեան ղեկավարն իր որոշման մասին տեղեկացուցած է իշխող դաշինքի գործընկերներուն, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:

Նշուած է, որ Նաթանիահուն եւ երկրի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Կվիրը օրէնքի կասեցումը երէկ համաձայնեցուցած են:

«Հրէական ուժ» կուսակցութենէն ներս, որ կը գլխաւորէ Պեն Կվիրը, յայտնած են, որ դաշինքի խորհրդակցութիւններու աւարտին որոշուած է յետաձգել խորհրդարանէն ներս դատական բարեփոխման հաստատումը մինչեւ ամառային նստաշրջանը։ Մինչ այդ Պեն Կվիրը կտրականապէս դէմ հանդէս կու գար յետաձգման։

Kan–ը նշած է, որ փոխարէնը Նաթանիահուն համաձայնած է ձեւաւորել ուժային նոր կառոյց` Ազգային պահակախումբ, որ պիտի փոխանցուի Պեն Կվիրի գլխաւորած ազգային անվտանգութեան նախարարութեան վերահսկողութեան։

Մէկ այլ տեղեկութեան համաձայն՝ Իսրայէլի վարչապետն առաջարկած է չեղարկել պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթի պաշտօնանկութիւնը՝ պայմանով, որ ան կը հրաժարի Քնեսեթի մէջ իր մանթատէն: Պետական հեռուստառատիոհեռարձակման ալիքը յայտնած է, որ Լալանթը կտրականապէս հրաժարած է առաջարկէն:

 

Լեւոն Դաւիդեան նշանակուած է զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ
Նախորդ նիւթը

Լեւոն Դաւիդեան նշանակուած է զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ

Ստեփանակերտը կրկին մերժեց Պաքուի մէջ հանդիպելու Ատրպէյճանի առաջարկը
Յաջորդ նիւթը

Ստեփանակերտը կրկին մերժեց Պաքուի մէջ հանդիպելու Ատրպէյճանի առաջարկը

ԱնցնիլՎեր